2016-06-07 10:41:00

Բրիտանիոյ`ԵՄ-էն դուրս գալու կողմնակիցներուն թիւը կը գերազանցէ կողմնակիցներուն թիւը


ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու կողմնակիցներուն թիւը ներկայիս 2-4 առ հարիւրով կը գերազանցէ այս քայլին հակառակորդներուն թիւը:

Այդ մասին կը վկայեն հասարակական կարծիքի հարցախոյզի 6 յունիսին հրապարակուած տուեալները, որոնք «ԵուԿով» եւ «Թի.Էն.Էս.» ընկերային ծառայութիւնները կատարած են այս ամիս Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ հանրաքուէի նախօրեակին:

«ԵուԿով»-ի տուեալներով` ներկայիս հարցախոյզի մասնակիցներուն 45 առ հարիւրը պատրաստ է պաշտպանելու Եւրոպական Միութենէն դուրս գալը` «Պրեքզիթ»-ը, եւ միայն 41 առ հարիւրը մտադիր է քուէարկել միութեան անդամակցութիւնը պահպանելու օգտին: Ընկերաբանական ծառայութիւնը հարցախոյզը կատարած է համացանցի վրայ 1-3 յունիսին, եւ անոր մասնակցած է 3500 մարդ:

«Թի.Էն.Էս.» իր կարգին հանրաքուէի նախօրեակին ուժերու դասաւորումը կը գնահատէ հետեւեալ ձեւով. 43 առ հարիւրը կողմ է «Պրեքզիթ»-ին, իսկ 41 առ հարիւրը` դէմ: Համացանցի վրայ հարցախոյզը կատարուած է 19-23 մայիսին եւ անոր մասնակցած է 1200 մարդ:

Միեւնոյն ժամանակ ընկերաբանական ծառայութիւններու մեծամասնութիւնը կը հաղորդէ, որ ներկայիս քուէարկողներու  զգալի թիւ մը տակաւին չէ կողմնորոշուած: Տարբեր գնահատումներով` բրիտանացիներու 11-էն 16 առ հարիւրը պիտի կողմնորոշուի վերջին պահուն, բացառուած չէ, որ այդ ձայներն ալ որոշեն հարցախոյզին արդիւնքը:

Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ 23 յունիսին:








All the contents on this site are copyrighted ©.